Երան Գույումճեան. «Պիտի կարենա՞նք մեր մէջ մշակել ՏԵՍՆԵԼՈՒ, ՀԱՐՑԱԴՐԵԼՈՒ, ՄՏԱԾԵԼՈՒ կարեւորագոյն յատկանիշները....»

17.12.2014 23:59

Երան Գույումճեանը այս 12 հարցերին  անուղղակիորեն  վաղուց  է  պատասխանել  իր  գրառումներով:  մենք այս հարցերը կազմեցինք և ուղղեցինք  նրան: Ստացված  պատասխաններն ըստ  էության  դարձան ավելի  վաղ  գրված  նրա խոհերի  շարունակությունը:
Այսպիսով մենք ունեցանք թե' բուն հարցերի անմիջական պատասխանները, և թե տիկին  Գույումճեանի ֆեյսբուքյան հարթակում տարբեր առիթներով ավելի վաղ գրած մտորումները, որոնք մասամբ համապատասխանում են հիշյալ հարցերին ( այդ  պատասխանները մեր  կողմից ընդգծված են) Այսպիսով ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՒՅՑ խորագիրը կրող էջը սկսում է իր հարցազրույցների շարքը:
 
-Տիկին  Գույումճեան Հաճախ որոշները թողած իրենց սեփական մտածելակերպը կամ կարծիքը'  առաջնորդվում են մյուսների տեսակետներով: Ի՞նչ կասեք նման մարդկանց մասին:
 
-Սխալ պիտի ըլլար դատելը, բայց նման մարդիկ հաւանաբար կորսնցուցած են կամ ընդհանրապէս չունին ինքնուրոյն մտածելու կամ միտք ածելու յատկութիւն:
Ժամանակին մեծ փիլիսոփայ ՏԷՔԱՐԹ կարեւորութեամբ ընդգծած էր՝ «կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ» կամ «Cogito ergo sum»... բայց ներկայիս, մտային ծուլութեան մէջ տակաւ մխրճուող մարդկութեան համար, գուցէ աւելի լաւ պիտի ըլլար ըսել՝ «ես կամ, ուրեմն կը մտածեմ»...., քանզի առանց մտածելու ապրիլը պիտի նշանակէր փոխ առնել այլոց միտքերը թութակաբար, առանց սեփական մտածումի բովէն անցնելու զանոնք....Եթէ չմտածենք, կամ միտք չածենք, յայնժամ կ'ենթարկուինք տեւաբար այլոց ի գործ դրած ուղեղալուացումներու եւ կը դառնանք գործիք, ոչ՝ մտածող ենթակայ...
 
-Հաճախ մեզ թվում է, որ դիմացինը մեզանից ավելի շատ է սխալվում: Դա այդպե՞ս է:
 
-Անձնապէս ես իմ մեծագոյն քննադատն եմ...հետեւաբար կը դժուարանամ պատասխանել...
Նախքան ուրիշէն բան մը ակնկալելը, մենք մեր սեփական անձին հետ պիտի ըլլանք խստապահանջ....ուրիշին սխալը տեսնելէ առաջ, մեր սխալը պիտի տեսնենք անաչառ ու անկողմնակալ աչքով....ուրիշը քննադատելէ առաջ, մեր սեփական անձը պիտի դատափետենք....Սա չէ՞ ուղին ճշմարիտ յառաջդիմութեան....քանզի բոլոր գործուած սխալներուն մէջ, մասնիկ մը կայ մեր ալ սխալէն...եթէ կարենանք դուրս ելլել մեր խոզակէն եւ՝ տեսնել ամբողջ համայնապատկերը ազգային թէ մարդկային պատմութեան....
 
-Անցնող օրերը  արդարացնու՞մ են մեր  նպատակների իրագործումը: Չի՞ լինում, որ այս երկար  ճանապարհին  վհատվենք:
 
-Ես ընդհանրապէս միշտ ալ դժգոհ կը մնամ ըրածէս, միշտ ալ աւելին պահանջելով ....սակայն սա վհատութիւն չէ երբեք...այլ՝  աւելին կամ աւելի լաւը ընելու մշտական ձգտում...
Ամէն օրուան հետ, պիտի կարենանք դէմ առ դէմ կանգնիլ մեր խղճին հետ....հաշիւ տալու անոր թէ ի՞նչ գործած ենք, ի՞նչ ձեռքբերած, ի՞նչ աշխատանք կատարած՝ արդարացնելու համար մեր գոյութիւնը այս աշխարհիս երեսին....տակաւին՝ խոստանալու ալ, որ ի՞նչ նպատակներ ալ ունինք իրագործելիք՝ մեր կեանքի ճանապարհին, քանզի այդ նպատակներն են որ գերազանցօրէն ոյժ ու աւիւն պիտի տան ապրելու, մաքառելու, պայքարելու ալ, թիավարելու հոսանքն ի վեր կեանքի ալիքներուն եւ խութերուն...., քանզի ՆՊԱՏԱԿԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՃԱՆՉՆԱՅ....ՊԷՏՔ ՉԷ ՃԱՆՉՆԱՅ...
 
-Մոտեցավ ձմեռը:  Մանկությունից եկող  մեր  հոգիներում արձագանք ունի՞  մոտեցող ձմեռը:
 
-Ձմեռը կարծէք կը տրամադրէ մարդը ներամփոփ խոկումի, անդրադարձի, վերյիշումի, որոնցմէ անբաժան է մեր մանկութիւնը....պահեր կան երբ կարծէք ամենայն թարմութեամբ կ'ապրիմ մանկական յուշերս՝  յատկապէս ձմրան եղանակին....
Ձմրան ցուրտ գիշերներուն, մեր մանուկ հոգիները կը տաքնային այն անուշ հեքիաթներով, զորս կը պատմէր իմ աննման հայրիկս....Պատմելու յատուկ շնորհք ունէր ան, իսկ մեր մանկական երեւակայութեան չափ ու սահման չկար....Միտքս թռիչք կ'առնէր այդ պատումներու հերոսներուն հրաշք-սխրանքներու թեւերով....բարին կը յաղթէր չարին, արդարը՝ անարդարին...: Իւրաքանչիւր հեքիաթ անպայմանօրէն կեանքի դաս մը ունէր իր մէջ թաքնուած՝ քաջութեան, խիզախութեան, բարեգթութեան եւ այլ առաքինութեանց..., որոնք բարոյական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին...: Մեր մանուկ հոգիները կ'ըմբոստանային չարին ու անիրաւին դէմ, որ անպայմանօրէն կը կրէր իր պատիժը, մինչ բարին կը վարձատրուէր.... Ձմրան այս եղանակին, հայրիկիս սիրելի պատկերը կ'ուրուագծուի աչքիս մէջ, իր ձայնը կը լսեմ ականջիս....եւ անհուն կարօտը կը սեղմուի սրտիս մէջ....Ձմրան խորհուրդին մէջ, ինծի համար թանկագի յիշատակ է մանուկ օրերուս այս լուսեղէն հեքիաթը....
 
 
-Ի՞նչ զգացողություն եք ունենում, երբ մոտենում է Նոր տարին:
 
-Մօտալուտ Նոր տարին զգաստ անդրադարձի, ապրուած օրերը վերարժեւորելու եւ նորոգ տեսլականով ու եռանդով Նոր Տարին դիմաւորելու տրամադրութիւն կը ստեղծէ...
Դեկտեմբեր ամսուան առաջին օրը....Սա ուրիշ տեղ ունի սրտիս մէջ, յուշարարը ըլլալով մանկութեանս հեքիաթային օրերուն, երա՛զ դարձած օրերուն, երբ մօտալուտ Կաղանդին կը սպասէինք անհամբեր, Կաղանդ պապային խոստացած համեստ, բայց մեզի համար անգին նուէրներուն ալ....Ուրիշ էր Կաղանդը մեր մանկութեան....ջերմիկ, տօնական մթնոլորտով, սիրելի դէմքերու, ընտանեկան յարկի անփոխարինելի քաղցրութեամբ՝ համակ սէր ու գորով, համակ խանդաղատանք ու գուրգուրանք...., գուցէ առանց պերճափայլ շքեղութեան, բայց տաքուկ-տաքուկ այն չեմգիտեր ի՛նչ անուշութեամբ օծուն, որ երանաւէտ զգացումներով կը պարուրէր հոգիս, սիրտս, էութիւնս համակ.....Կաղանդի այդ անուրջը դեռ կ'ապրի հոգիիս ծալքերուն մէջ եւ անգամ մը եւս կը կենդանանայ դեկտեմբերեան այս օրերուն....
 
-Երազներն  իրական  ե՞ն:
 
-Այն երազները զորս մենք կը հիւսենք մեր կեանքին ընթացքին կ'իմաստաւորեն մեր գոյութիւնը....եւ վերջ չունին...Դանիէլ Վարուժան այնքան նշանակալից կերպով կ'ըսէ. «Միայն երազը կ'ապրի, միայն երազն անմահ է»:
Երբ փոքր էինք, մեզի այնպէս կը թուէր թէ ժամանակը շա՛տ դանդաղօրէն կը յառաջանար, իսկ մենք անչա՛փ կ'ուզէինք օր առաջ մեծնալ....հասնիլ մեր երազներու կատարին.... վարդագոյն, հեքիաթային երազներու կատարին...Մեծցանք, թեւակոխեցինք նոյնիսկ մեր կեանքի աշունը, իսկ ժամանակը հիմա կը թուի այնքա՛ն արագ սլանալ, որ կարծես շնչակտուր կ'երթանք անոր ետեւէն, իսկ անիկա կը սուրայ հապշտապ, սրընթաց, արագասոյր....Իսկ ԵՐԱԶՆԵՐԸ՞...Ճիշդ է որ անոնք ա՛լ վարդագոյն չեն, բայց դեռ կան անոնք եւ պիտի ըլլան, քանի կանք, քանի կը շնչենք....ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԱՆՄԱՀ ԵՆ...
 
-Ի՞նչ է ձեզ  համար  սերը:
 
-Սէրը կեանքն իսկ է, անոր բուն իմաստն ու արժէքը...ՍԷՐԸ, ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ, ԱՆՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՍԷՐԸ, որ կը տրուի սիրուած էակին, ընտանիքին, ազգին ու հայրենիքին եւ համայն մարդկութեան....
Ճշմարիտ սէրը կեանքն իսկ է, անոր բուն բովանդակութիւնը, անոր խորապրումը, անոր գոյիմաստը....Սէր որ կը տրուի անանձնական՝ բոլորին, սիրուած անձին, ընտանիքին, ազգին, հայրենիքին ու համայն մարդկութեան....Սէրը անսպառ է եւ որքան տրուի՝ չի սպառիր, այլ նոյնիսկ կը բազմապատկուի, կ'ազնուանայ, կը վսեմանայ...մարդ էակը մօտեցնելով իր Արարչին....Սէրը, ճշմարիտ սէրը անպայմանական է, չազդուիր արտաքին ազդակներէ ու պայմաններէ....Ահա այս ՍԷՐՆ է, որ տակաւ կը նուազի՝ նիւթապաշտ եւ եսամոլ մեր դարուն....
 
-Օրերը նման ե՞ն իրար:
 
Օրերը կը թուին նման ըլլալ իրարու, բայց խորքին մէջ կեանքը միշտ ալ յարափոփոխ է եւ հետեւաբար նոր....
Կիրակի առաւօտ է, սովորական լուսաւոր եւ պայծառ ԿԻՐԱԿԻ....Բայց ոչինչ սովորական է խորքին մէջ՝ այս աշխարհիս երեսին, երբ կը դիտենք կեանքի հրաշք իրականութիւնը, երբ կը խորապրինք կեանքի հրաշք-խորհուրդը, որ շարունակ մեզ կը զարմացնէ, մեզ կը հիացնէ, մեզ կը լիացնէ....Կը բաւէ որ չկորսնցնենք ՍՔԱՆՉԱՆԱԼՈՒ հոգիի յատկութիւնը....մանկան նման սքանչանալու կեանքի եւ բնութեան երեւոյթներով, նոր աչքով փորձել դիտելու զանոնք....լուսաբացէն մինչեւ անհուն երկինքը....ծառ ու ծաղիկէն մինչեւ ամէնէն խոնարհ խոտն ու տերեւը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ իր մէջ կեանքի տիեզերական հրաշքէն նշոյլ մը, հիւլէ մը....խորհելու գրգիռ մը, զգալու թրթիռ մը....կեանք կոչուող առեղծուածի խորին խորհուրդը....
 
-Նեղ հատվածական մտածելակերպը խանգարու՞մ է  մեզ:
 
-Հատուածական մտածելակերպը շատ կը խանգարէ տեսնելու անտառը ծառի ետին...տեսնելու համահայկականը նեղ-հատուածականի ետին, ինչ որ կործանարար է ազգի համար...
Ինչո՞ւ մարդը արժեւորել սոսկ իր հատուածական պատկանելիութեամբ....«Մեզմէ չէ ու վերջ»....Ինչո՞ւ չկարենալ անաչառ ըլլալ, լայնախոհ, անկաղապար....Ինչո՞ւ միայն ձգտիլ լոկ աթոռներու պարգեւած չորքոտանի փառամոլութեան....Ինչո՞ւ չբանալ միտքն ու հոգին ամէն մէկ հայու, սիրել ու գնահատել զայն անպայմանական մօտեցումով....Ինչո՞ւ չկարենալ յաղթահարել մեր մէջ նստած փոքրոգին, նեղմիտը, մարդուկը եւ բարձրանալ ՀԱՅՈՒ ԿՈՉՈՒՄԻՆ....
 
Յոգնած եմ գաղութներու կեանքի նեղմտութիւններէն, ակումբային կեթթոներէն, նեղ-հատուածական մտածելակերպէն, ծառէն անդին անտառը չկարենալ տեսնելու կարճատեսութենէն....Էսթապլիշմէնթային կաղապարուած միտքերէն....տեսակ-տեսակ կարծրատիպերէն, որոնք կ'արգելակեն մտքի, հոգիի ազատ թռիչքը դէպի լայնարձակ տարածութիւններ...
 
-Ազատության և ստրկամտության ձեր ձևակերպումը:
 
-Ազատութիւնը ազատ ընտրանքն է եւ խոր պատասխանատուութիւնը այդ ընտրանքին....ստրկամտութիւնը ուրիշին ընտրածը որդեգրել եւ խոյս տալ է պատասխանատուութենէ...
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ Է, երբ մենք մեր սեփական ուժերուն կ'ապաւինինք եւ ո՛չ՝ այլոց... ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ Է, երբ կը միաւորուինք ազգովին ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻ շուրջ եւ դուրսէն՝ Արեւմուտքէն կամ Արեւելքէն, Հիւսիսէն թէ Հարաւէն չենք սպասեր մեր փրկութիւնը...ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ Է, երբ վերջապէս կը գիտակցինք եւ կը խորըմբռնենք այն ամէնէն պարզ ճշմարտութիւնը, որ մենք ենք ՏԷՐԸ մեր ճակատագրին, եւ ուրիշը չէ որ պիտի գայ մեր գլուխը քերէ, մեր տեղ....ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆ է էապէս՝ սուտ ու փուճ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ կատարել ա՛յս կամ ա՛յն ԲԵՒԵՌԻՆ...Արդեօ՞ք կ'արժէ ստրկամիտ եւ անազատ ըլլալ յանուն երեսուն խեղճ արծաթի....
 
-Բոլոր դեպքերու՞մ է, որ իրադարձութիւնները մարդիկ  ճիշտ են  կարողանում  գնահատել:
 
-Մարդիկ կրնան սովորաբար ճիշդ գնահատել այն իրադարձութիւնը, որուն փորձառութիւնը ապրած են սեփական մորթի վրայ....
Դէպքերն ու իրադարձութիւնները ՃԻՇԴ գնահատելը շատ քիչերուն է տրուած....Մարդիկ մեծաւ մասամբ կը հաւատան լրատուամիջոցներու կամ լոզունգներու տարածած ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ եւ ըստ այնմ կը դիրքաւորուին, շատ անգամ ՎՏԱՆԳԵԼՈՎ ազգի, երկրի ապագան...: Յիշենք որ ժամանակին, հայութեան մէկ կարեւոր տոկոսը հաւատաց երիտթուրքերու քարոզած «Հաւասարութիւն, եղբայրութիւն....» սնամէջ, կեղծ լոզունգին, եւ չկրցաւ տեսնել համաթրքութեան ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ, որ ի վերջոյ հասաւ մինչեւ հայերու դէմ մտայղացուած Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումին....
 
-Շփոթի այս մոլորակում չմոլորվելու համար կա՞ն կարևորագույն չափորոշիչներ: 
 
-Իւրաքանչիւր մարդ էակ կը կարծեմ՝  չմոլորուելու համար, կ'ունենայ արժէքներ եւ սկզբունքներ, որոնք իր կողմնացոյցներն են՝  կեանքի բարդ ոլորաններուն:
Ներկայ աշխարհին մէջ, ՄՈԼՈՐՈՒԻԼԸ շատ դիւրին է եւ թերեւս համատարած....Լրատուամիջոցներ՝ մամուլ, հեռուստատեսութիւն....ինչպէս նաեւ գովազդային աղմուկ, կը տարածեն ապատեղեկատուութիւն, միտքերու շփոթ....Նման մթնոլորտին մէջ, մարդը հակուած է տեսնելու միայն ծառը եւ ո՛չ՝ անտառը, որ կայ ծառին ետեւ: Քիչ անգամ կը հարցնենք՝ ինչո՞ւն եւ ինչպէ՞սը, դէպքերուն եւ երեւոյթներուն, հասկնալու համար անոնց տուն տուող բուն շարժառիթները....Եթէ կարենանք ըլլալ ԹԱՓԱՆՑԱՄԻՏ, ՀԵՌԱՏԵՍ, յայնժամ գուցէ չտարուինք մեզի ՀՐԱՄՑՈՒԱԾՈՎ միայն, այլեւ՝ անոնց ետին թաքնուածը կարենանք տեսնել..., քանզի շատ անգամ ժողովրդավար երեւցածը բռնապետութիւն է, արդար երեւցածը՝ անարդարութիւն, ճշմարիտ ու անկեղծ երեւցածը՝ սուտ ու կեղծիք.....Պիտի կարենա՞նք մեր մէջ մշակել ՏԵՍՆԵԼՈՒ, ՀԱՐՑԱԴՐԵԼՈՒ, ՄՏԱԾԵԼՈՒ կարեւորագոյն յատկանիշները....
 
Երան Գույումճեանին տրված  հարցերի և նրա ֆեյսբուքյան նյութերի հիման վրա պատրաստեց' Hay Azian-ը