Քրիստինա Տէր Ստեփանեան / Ես ինչքան մոմեր վառեմ...
Որ մէկը՞ կրնայ մեզ լուսաւորել .
Լուսաւորել մեզ սարսափելի մութէն,
Երբ այնտեղ մանուկ մը աչքերը կը բանայ զէնքի ձայներով,
Երբ կործանիչ օդանաւերը մեր վրայէն կը թռչին կ’անցնին
Առնելով մեր յոյսն ու հաւատքը .
Իմ երեսս ինչպէ՞ս ժպտայ,
Երբ աչքերուս մէջ վախէն զատ բան չկայ .
Ու գացողը կ’երթայ, ու զարնողն ալ կը զարնէ.
Անգամ մը եւս մեր աչքերուն առջեւ եղածին կը լռենք,
Շշուկն ու փսփսուքը կը տիրեն բոլոր թաղերը
Ու բոլորս յուսահատ, յոգնած եւ թոռմած
Կը սպասենք լոյս, յոյս կը սպասենք ուշացած,
շա˜տ ուշացած խաղաղութի˜ւնը .......
***
Անդադար եղանակ մը ականջս Զիս փնտռեց այս գիշեր Գուրգուրալով ոտքերուս Պինդ սեղմելով թեւերը Ամրապինդ ու հզօր յուզելով հոգիս շարնակելով իր համերգն քաղցրահունչ շոյեց իր անուշ թելերը ոսկեղնիկ ու այլ ողողուած հոգիս, ողողուած հանգստութեամբ ու բերկրանքով, այնքան հարուստ կըզգայ զինք, այնքան խաղաղ ու անդորր, որ կը հեռանայ անորոշ ծովը, հեռուն, ուր կան միայն ուրախութեան սերմե՜ր ...
***
Շլացուցիչ եւ հիանալի կերպարանքը դուրսը այնտեղ՝ ծաղիկները բուրումնաւէտ իրար նախանձելով իրենց պսակները կը բանան թափելով իրենց մեղմիւ ու լուռ յուզիչ եղանակը բնութեան մէջ զոր հետզհետէ կը տարածուի այս անդորր սենեակիս շուրջ: Բայց իմ հոգիս այստեղ կը բաբախի անդադար, կարծես թռչուն մը ապիտակ բանտակած եմ հոգւոյս մէջ ու կը զարնէ թեւերը ամրապինդ, կարծես թռչիլ կը փափաքի: Ու դարձեալ ահաւասիկ իր թեւերովը կը զարնէ զիս աւելի բարձր ու աւե'լի: Կը մեղքանամ ես իրեն, կը չարչարուի խեղճ ու անտէր, դարձեալ կը զգամ բարձրացաւ աւելի վեր հասաւ կոկորդիս, շունչս դժուարացուց ու արցունքներս իմ աչքիս ու վերջապէս մահուան սուգը կ’ուլայ, կը հանդարտի խաղա՜ղ ու լուռ: Սակայն, վերստին ծովը իր զօրաւոր ալիքովը ալեկոծուած է ու այս անգամ աւելի հզօր ու ես շուարած, թէ որմէ՞կը լսեմ ՝ դուրսի ձայնը ռումբերու՞ն, թէ իմ թռչունիս թառա՞նչը .իմ սիրտս որու՞ն բաբախէ ՝ թռչունի՞ն թէ՞ այնտեղ մահուան սուրին: Ես մերցուցի այսօր իմ թոչունս սպիտակ ու անմեղ որ ափս՜ոս անմեղ ձայնն էր խիղճիս որ չէր լռէր: 27/3/2013
Քրիստինա Տէր Ստեփանեանն ինքն իր մասին
Ծնած եմ 1997-ին, Սուրիա (Հալէպ): Աւարտած եմ Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանը, այնուհետև Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերճեանի Երկրորդական Վարժարանը: Կը բնակիմ Հալէպ ընտանիքիս հետ, այսինքն ՝ հօրս Մինասի, մօրս Սօնեայի, քրոջս եւ եղբօրս հետ:
2010 թուականին Բերիոյ Հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի երիտասարդներու վարչութեան կազմակերպուած Միջդպրոցական Շարադրութեան մրցումին առաջնութիւնը շահած եմ: Ես որպէս Կրթասիրաց վարժարանի առաջնակարգ աշակերտուհի աւատելէ ետք կը փափաքիմ Համալսարանի դեղագործութեան ճիւղը ուսանիլ միաժամանակ Հայագիտութիւն կատարելով Հանճարեղ գրողներու այդ սուրբ ճամբուն քայլերս կ’ուզեմ նետել: Իմ կեանքի նպատակս է արդարօրէն ուրիշներուն առանց ոտնակոխելով աշխատիմ բոլոր գործի ասպարէզներէն ներս բացառիկ դիրքը գրաւելու համար եւ արդարութեան շատ կարեւորութիւն կուտամ: Ես ամէնէն շատ կը սիրեմ մեր Հանճարեղ Բանաստեղծներէ ն ՝ Պարոյր Սեւակը, Վահան Թէքէեան, Աւետիք Իսահակեանը որոնք ունին գեղասքանչ ու աննման քերթուածներ: Երազանքս է նաեւ բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ գրելուն կողքին թատերգութիւններ գրել եւ բեմադրել այսպիսով Հայ ազգին ու գրականութեան մեծ օգուտներ ընծայել: Բանաստեղծութիւններս կ’ուզեմ գրել արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:
Քրիստինա Տէր Ստեփանեանի նախկինում գրած ստեղծագործություններից.
Հալէպը երէկ եւ այսօր
(վավերագրություն)
Գարնան գեղեցիկ օրերուն էր, երբ Սուրիոյ նահանգներուն վրայ պտտող սարսափելի մրրիկը պատեց նաեւ Հալէպը: Հրաբուխի մը նման իր կրակն ու իր բոցը տարածեց: Ուստի, մեր ժողովուրդին կեանքը խոշոր գալարումներով այլայլեց կսկծալիօրէն: Ճակատագրակա՞ն է ամէն փորձանք ու ամէն աղէտ: Ճակատագի՞ր կը կոչուի, երբ բազմաթիւ հայեր գնդակահարուելով կը նահատակուին անակնկալօրէն:
Իսկապէ՞ս անխուսափելի է ճակատագիրը, իսկապէ՞ս մեր քայլերը մեզմէ զատ որոշող ուժ մը կայ: Ի զո'ւր են բոլոր հարցումներն ու դժգոհութիւնները, երբ իմ երազային Հալէպ քաղաքս չեն վերադարձներ: Իմ հրաշագե՜ղ քաղաքս նշանաւոր իր բարեկիրթ ու ազնիւ ժողովուրդով, երջանկութեան ու խաղաղութեան խորհրդանիշ՝ որ ներկայիս, այս տաժանելի օրերուն տառապանքի մղձաւանջ մը կ’ապրի:
Մութ են թաղերը, մութ են տուները, գուցէ նաեւ՝մտքերն ու հոգիները: Բոլոր փողոցները լեցուած են ուտելիքի եւ փայտի վաճառականներով, կը չարչարուին մարդիկ, գտնելու համար հացը, խմելիք ջուրը ու ապահով վայր: Թախծոտ են դէմքերը, անձայն ու անմռունչ են երեկոյեան փողոցները: Կը փախին մարդիկ ռումբերէն, զէնքերէն եւ կործանիչ օդանաւերէն: Կը գլտորին ՝ ճամբան իրենց վազած ընթացքին կ’իյնան ծերերը ոմանք կը հիւանդանան ու կը գոցուին խանութները: Շատեր, տուն է տուն կը փոխադրուին ու օրն ի բուն Կը սպասեն դողահար դէմքով վերջը այս քաօսին: Փաստօրէն մթնշաղի անուրջ մը կ’ապրինք, կ’ապրինք այս կեանքը ՝, այս գժտութիւնը գիտնալով հարդերձ թէ ասի մերը չէ ու կը թուի թէ մերը՝ անդառնալ է: Նոյնպէս, անհամ կը թուին բոլոր ուտելիքները, մեր կոկորդներուն մէջ սառած է անանուն կսկիծ մը, որ հետզհետէ կը բարձրանայ ու կը խանգարէ մեզ՝ թողելով կիսաբաց պատուհանի մը առջեւ սպասելու առաւօտը, որ գայ ու պարգեւէ մեզ արդարութեան ու խաղաղութեան լոյսը: Քանդուած շէնքերն ու վնասուած ստացուածքները կ’ենթարկեն մեզ յուսահատութեան եւ նոյնիսկ լալու: Ի մտի ունենանք նաեւ, որ այս բոլորով հանդերձ, մեր մէջ արմատացած է պայքարելու զգացումը, անդրադարձանք ելեկտրականութեան ու ջուրին արժէքին: Թող կարգ մը մարդիկ եղածը պատրուակեն ու կոչեն «Յեղափոխութիւն» կամ «Ազատութիւն», բայց մենք կ’ուզենք որ եղբայրասպանութիւնը չշարնակուի: Արդարեւ, արդարութեան ու իրաւունքին ձայնը պիտի չլռէ ու պիտի փակուին բոլոր հաշիւները:
Թող շարնակեն ձայները, թող սարսռան ծարերը, բայց ես կը հաւատամ թէ մենք որպէս հայ ժողովուրդ, պիտի տոկանք, պայքարինք ու պիտի լեցնենք կրկին փողոցները ժպիտներով ու խաղաղութեամբ: Պիտի երգենք միասնաբար ուրախութեան ու յաղթանակի երգը, խանդավառօրէն պիտի բաբախեն մեր սրտերը, պիտի վերակառուցենք ամբողջ երկիրը, վերստին պիտի հիմնենք բոլոր շէմքերը: Ունայն պիտի մնան բոլոր փորձերը, որոնք կ’ակնկալեն յափշտակել մարդոցմէ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը: Յարատեւ պիտի շարունակենք Սուրիոյ Հանրապետութեան կողքին կենալ, խորապէս հաւատալով որ սեւ ամպերը պիտի փարատին եւ մեր երիտասարդները զոհողութեամբ մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլները պիտի դիմադրեն ու պաշտպանեն Սուրիոյ խաղաղութիւնը:
***
Ես ինչքան մոմեր վառեմ .
Որ մէկը՞ կրնայ մեզ լուսաւորել .
Լուսաւորել մեզ սարսափելի մութէն,
Երբ այնտեղ մանուկ մը աչքերը կը բանայ զէնքի ձայներով,
Երբ կործանիչ օդանաւերը մեր վրայէն կը թռչին կ’անցնին
Առնելով մեր յոյսն ու հաւատքը .
Իմ երեսս ինչպէ՞ս ժպտայ,
Երբ աչքերուս մէջ վախէն զատ բան չկայ .
Ու գացողը կ’երթայ, ու զարնողն ալ կը զարնէ.
Անգամ մը եւս մեր աչքերուն առջեւ եղածին կը լռենք,
Շշուկն ու փսփսուքը կը տիրեն բոլոր թաղերը
Ու բոլորս յուսահատ, յոգնած եւ թոռմած
Կը սպասենք լոյս, յոյս կը սպասենք ուշացած,
շա˜տ ուշացած խաղաղութի˜ւնը .......
***
Այս գիշեր անգամ մը եւս
Բանտարկած եմ ինքզինքս,
Տխուր սէր մը կեցած աչքերուս առաջ`
Երկու թռչուն նստած իրար հակառակ,
Կարծես իրենք ալ տխուր ինձ նման,
Ամէն վայրկեան կ’իյնան թելերէն ասուպներու նման.
Ու հեռուէն ձայներ կը լսուին որոտումի` զօրաւոր ու բարկացած,
Ու կը նային աչքերս դէպի հեռուն անորոշ
Թէ ո՞ւր կ’երթայ այդ անյայտ ճամբան....
Ես այս գիշեր ալ այսպէս եմ`
Կոյր ‚խուլ խելագարուած,
Առանց գինիի գինովցած .
Ու թռչունը մելամաղձոտ աչքերը ինծի ուղղելով .
Ու ես խաբուած, վախցած եւ կորսուած`
Իրարմէ կը խնդրենք ու կ’աղաչենք պճեղ մը յոյս.
Թող զարդարեն մեզ այս գիշեր հեռուէն լսուող ռումբի ձայները
Բայց մենք պիտի մնանք այդպէս ու միշտ ուզենք իրարմէ
ապրելու համար պճեղ մը յո˜յս ......
***
Այնքա˜ն ծերացած, այնքա˜ն յոգնած կը զգամ ինձ
Զարմանալով թէ ինչպէ˜ս հասայ ես այս օրին,
Երբ քանի մը քայլ անդին,
Արիւնները կը հոսին ու ձայներ կը բարձրանան`
Աղաչելով Աստուծոյ,
անդին՝ հայհոյելով .
Թէ ինչպէս կը դիտենք ու կը լռենք մութին
Ու չի լսուիր երբեք եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը`
Զէնքի սարսափելի ձայնէն աջ ու ձախ .
Հովը նոյնիսկ կը վախնայ, կ’ուզէ ներս մտնել
Պատուհաններն ու դուռերը զարնելով,
Բայց բախտաւորն է որ ներսը տաքուկ կը մնայ
ետքը` բախտաւորն ալ չի մնար:
ինչու՞ կը ստիպուինք լսել ձայնարկութիւններ ամէն տեղէն
եւ լռութիւնը չի տիրեր բոլորիս այս գիշեր
Կ’ըսուի թէ մահն է,
Ո'չ, մահը մեր մէջ է,
Երբ բոլորս կը սպասենք մահը ու կը վախնանք .
Ամէն ին՞չ սուտ է, միայն մահն է իրական .
ին՞չ կը շահիմ կեանքէն, ին՞չ կը շահիմ,
երբ ունիմ դրամ,
երբ ունիմ յաջողոթիւն, սէր եւ ուժ,
Սակայն յանձնած եմ մարմինս մահուան
Ու երբ վերջս ալ այդ ժանգոտած երկաթէն տարբերութիւն մը չունի .
Կը սպասենք դալկահար դէմքով,
անդադա˜ր կը սպասենք,
իսկ եթէ մահը յետաձգէ մեզ խեղդելը այս գիշեր
Մեր դողդղած շրթունքէն պիտի փրթի մէկ բառ`
«Խաղաղութի˜ւն»
***
Չէի գիտեր մահուան այսքան սարսափելի ըլլալը,
Այսքան անխիղճ, այսքան դաւադիր ըլլալը
Երբ մահուան պատճառով այնտեղ, մութին մէջ կարծր
Երկաթը կը դողդղայ` իմ սիրտս վախէն չդողա՞յ:
Չէ ', ալ չի կրնար ծովը գալ մազերս շոյել ու դադրեցնել
Դողահար սիրտս` ալիքներէն.
Խանգարուած հոգիս` մղձաւանջէն .
Աստուա' ծ իմ, ինչպէ՞ս քեզի հաւատամ,
Երբ անդին անմեղը կ’ուլայ անդադար
Մեղաւորին պատճառով անարդար .
Ահա ', տե՛ս, չեմ կրնար նայիլ քեզ
Ամչկոտ աչքերս լուռ
Կը դառնան հեռուն շա՜տ հեռուն,
Ուր միայն կան ահռելի մահն ու երկար քուն .....
Տե՛ս, կը տապալիմ ոտքիդ տակ
Ու կը թափին գլխուս վրայ հուր ու կայծակ .
Ես չէի գիտեր մահուան այսքան սարսափելի,
այսքան անխիղճ, այսքան դաւադիր ըլլալը:
Ինչու՞ քու դէմքդ գծագրուի իմ աչքերուս առջեւ
Ես քեզ չսիրեցի դեռ
Ու պիտի մնայ այդպէս
Ինչու՞ քու դէմքդ գծագրուի իմ աչքերուս առջեւ
Ինչու՞ես գիշերուան մէջ անքուն
Առաւօտեան լոյսերուն
Մութին մէջ ու յանկարծ
Քո ժպիտը կենսասէր
Սուզուի իմ հոգւոյս մէջ այնպէս
Ինչու՞ քու ձայնդ սրտահույզ
Սրտիս մէջ վարէ ամէն քաղցրութիւնն ու ամէն լոյս
Ես քեզ չսիրեցի դեռ
Ու պիտի մնայ այդպէս
Ինչու՞ քու դէմքդ գծագրուի իմ աչքերուս առջեւ
27/4/2013
***
Այդքան հարց կայ , այդքան վէրք
Ո՞ր մէկուն ճար գտնենք մենք
Երբ լացուկոցները կը սկսին
Ու նոյն վէրքէրը կը նորոգուին
Կանչելով մահը
Անդին՝ համբերելով
Թէ ինչպէ՞ս առանց լոյսի
Վառենք մեր սրտերը յոյսի
Երբ կը ստիպուինք սպասելու
Չարչարուելու համար ապրելու
Սակայն ահռելին պաղը չէ
Ոչ ալ խեղդահար փոթորիկն
Երբ մարդիկ այնտեղ կը կռուին
Գտնելու համար հացն ու տաքուկ բոյն
Այդքան անլուծում կը հարուին
Այդքան բարդ հանգոյց ու ծանր վէրք
Ո՞ր մէկուն գտնեմ ես լուծումն ու ելք
Տ'ես մելամաղձոտ աչքերով թռչունը կը նայի ձեզ
Վիզը ծռած իր բոյնին մէջ հեզ
Մենք կուզենք ապրիլ զուարճանալ, խաղաղ ըլլալ
Կը հաւատանք եւ չենք վարանիր
Չէ ,՛ ո'չ ճշմարտութիւնները չեն
Այս ճգնաժամերը անվերջ չեն
Հո'ն է այնտեղ կանգնած
Վառվռուն գարունը կը հետեւի մեզ
Ու իր ժպիտովը կը կանչէ մեզ
Չէ ,չի կրնար ոեւէ բան
Սիրտս փոթորկել այդքան
Խնդալու փափաքը միշտ կայ
Ապրելու ՝ երբ յոյս կայ.....:
***
Ա՜խ ,այս անգութ մութին
Որ թողուց ինձ մոմին հետ դողահար
Փոթորիկին ահռելի ձայնին
Ուր գազաններ կը կծկուին
Կը սարսռամ թէ ինչպէ՞ս մենք ապրեցանք օրնի բուն
Թառանչներով լեցուն անցեալին
Մութ ժամերը տրտմագին
Աստուած իմ տո'ւր ինծի
Աղբիւր մը վառող յոյսի
Խելագարուած այս միտքիս
Պուրակ մը ծաղկող բոյսի
Ես չեմ կրնար դիմանալ յաւերժ
Խանգարուած, տկարացած եմ այսպէս
Տո'ւր ինծի խաղաղութիւն
Այս սեւով ներկուած աչքիս
Լոյս ու անմեղութիւն
Այս դաւադիր ճակատագրիս
Յաղթելու ուժ ու զօրութիւն
Տո'ւր ինծի քո յաւերժ սրբազան փրկութիւնը :
***
Ա՜խ, այս սարսափելի անակնկալը
Որ չթողուց զիս մինակ կրկին
Այս մութ թաղին խորշերուն
Քաշեց իր ոտքին տակ տագնապալի
Զարմանալով թէ ինչպէ՞ս խաբեց անգամ մը եւս ամօթալի
Ահա' , տես այս խորունկ ծովուն մէջ
Կը նետեմ ես խօսքս անվերջ
Որ լսես դուն հասկնալով յաւերժ
Թէ չես կրնար դաժան իրականութիւնը հեգնել
Հեգնել իմ ճամբուս ուղիղ գիծին
Ես պիտի շարունակեմ շա՜տ ընդհատուած
շա՜տ խանգարուած ճամբուս ուղին :